Պատմութիւններ միշտ սիրած եմ ։ Կար ժամանակ, նոյնիսկ կ՚երազէի մանկական գրականութիւն ուսանիլ, բայց գիտութեան հանդէպ ունեցած սէրս և երեխաներուն օգնելու փափաքս մղեցին զիս բժշկութեան, ու դարձայ մանկակաբոյժ եւ ապա մանկական սուր եւ անյետաձգելի պարագաներու մասնագէտ։
Հակառակ ասպարէզիս հանդէպ նուիրումիս, երբէք չեմ կորսնցուցած երազելու, երևակայելու և պատմելու սէրը։
Ներշնչուած հազարաւոր երեխաներէ, որոնց հանդիպած եմ հիւանդանոցը, յօրինած եմ պատմութիւններ, որոնք բաժնած եմ այլ երեխաներու հետ ինչպէս նաեւ զաւակներուս։ Իսկ հիմա ուրախ եմ ձեզի հետ կիսելու այդ պատմութիւններէն մաս մը։
Բախտաւոր եմ, որ կը համագործակցիմ տաղանդաւոր նկարազարդողներու հետ, որոնք բառերս կեանքի կը կոչեն վառ եւ ուրախ պատկերներով։
Միասին, ձեզ կը հրաւիրենք միանալու մեզի՝ երազելու, երևակայելու և հայերէնով պատմելու ու կարդալու ։ 🌱
Մանկութիւնս Հայերէնով էր. կատակներ, խաղեր, գիրքեր, պատմութիւններ...Այսօր հայ երեխաներէն շատեր այդ վայելքը չունին՝ ապրելու մայրենիով։ Պարզ, հաճելի ու մտերմիկ պատմութիւններով հայերէնը կ՚ուզեմ դարձնել ամենօրեայ կեանքի, ապրումներու եւ երեւակայութեան մաս։
Իւրաքանչիւր պատմութիւն առօրեայէն արկածախնդրութիւն մը պիտի ըլլայ։ Բնութիւն, հրաշալի վայրկեաններ, բոլորը՝ Հայերէնով։ Յոյսով եմ, որ մեր երեխաները կը մեծնան`
Հայերէն կարդալով,
Հայերէն երեւակայելով,
Հայերէնը ապրելով։
We use cookies to analyze website traffic and optimize your website experience. By accepting our use of cookies, your data will be aggregated with all other user data.